2017-08-09 10:25:00

''Աստուածային ներումը` յոյսի շարժիչ ուժ'' Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Ու դառնալով դէպի այդ կինը՝ ըսաւ Սիմոնի. «Կը տեսնե՞ս այս կինը: Ես տունդ մտայ, եւ դուն ջուր չտուիր ոտքերուս. բայց ասիկա իր արցունքով թրջեց ոտքերս, եւ իր մազերով սրբեց: Դուն ինծի համբո՛յր մը չտուիր, բայց ասիկա հոս մտնելէս ի վեր՝ չդադրեցաւ ոտքերս համբուրելէ: Դուն գլուխս չօծեցիր անուշահոտ իւղով, բայց ասիկա ոտքե՛րս օծեց անուշահոտ օծանելիքով:

Ուստի կը յայտարարեմ քեզի. “Ասոր բազմաթիւ մեղքերը ներուած են, որովհետեւ շատ սիրեց. բայց ա՛ն՝ որուն քիչ կը ներուի, անիկա քիչ կը սիրէ”. Իրեն հետ սեղան նստողները սկսան ըսել իրենց մէջ. «Ո՞վ է ասիկա՝ որ մեղքերն ալ կը ներէ»: Իսկ ինք ըսաւ կնոջ. «Հաւատքդ փրկեց քեզ, գնա՛ խաղաղութեամբ»:(Ղուկաս 7, 44-50)

 

(Ռատիօ Վատիկան) Այս աւետարանական հատուածին վրայ հիմնուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ չորեքշաբթի 9 օգոստոս 2017-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ներկայացուց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

''Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս'',  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով թէ ''ունկնդրեցինք Փարիսեցի Սիմէոնի սեղանակիցներուն արձագանքած խօսքերը ''Ո՞վ է ասիկա՝ որ մեղքերն ալ կը ներէ''։

''Յիսուս արդարեւ գործած էր աղմկայարոյց արարք մը'' յարեց Սրբազան Պապը։ Մեղաւոր կին մը Սիմէոնի տունը մտած էր ու Յիսուսի մօտ կեցած անոր ոտքերը կը լուար անուշահոտ իւղով։ Բոլորն ալ սկսան տրտնջել ըսելով  ''եթէ ասիկա մարգարէ ըլլար, պիտի գիտնար թէ ո՛վ եւ ինչպիսի՛ կին է իրեն դպչողը, եւ պիտի չ՛ընդունէր պատահածը''։

Այդ ժամանակուայ մտայնութեան համաձայն մեղաւորին եւ սուրբին միջեւ բաժանումը պէտք էր ըլլար յստակ։ Սակայն Յիսուսին վերաբերմունքը տարբեր էր։ Ան Գալիլեայի մէջ առաքելութեան սկիզբէն ի վեր մօտեցած էր բորոտներուն, թեւահարներուն ու բոլոր հիւանդներուն եւ մեկուսացեալներուն։ Այնտեղ ուր կայ տառապող անձ մը Յիսուս իր վրայ կը շալկէ անոր ցաւը։ Յիսուս կը բաժնեկցի մարդկային տառապանքը ու երբ անոր հանդիպի գութէն շարժած կ՛առաջարկէ ողորմութիւն։

Քրիստոսի սիրտը կը բացայայտէ Աստուծոյ սիրտը որ կ՛ուզէ տառապող մարդու ու կնոջ  բուժումը, կը փափաքի անոր ազատագրումը, անոր կեանքի լիութիւնը։ Ասոր համար է որ Յիսուս իր բազուկները լայն կը բանայ մեղաւորներուն դիմաց։ Ան յարութեան կարելիութիւնը կը տեսնէ նոյնիսկ անոր մէջ որ բազմաթիւ սխալ ընտրանքներ կատարած է։ 

Յաճախ կը մոռնանք թէ Յիսուսին համար սէրը անարժէք եւ դիւրին սէր մը չէ։ Մենք որ վարժուած ենք մեղքերու ներումը փորձարկելպէտք է մտածենք թէ որքան սուղ վճարուեցաւ մեզի հանդէպ Աստուծոյ այդ սէրը։ Յիսուս Խաչին վրայ մեռաւ ոչ թէ որովհետեւ բարիք գործեց այլ որովհետեւ ներեց մեղքերը­, որովհետեւ կ՛ուզէ մարդու սրտին լիակատար ազատագրումը։ Այսպէսով մեղաւորները կը ներուին ու Յիսուս անոնց կը նուիրէ նոր կեանքի յոյսը, կեանք մը յատկանշուած սիրով։

Լաւ է մեզի համար մտածել թէ Աստուած իր եկեղեցին կառուցելու համար չ՛ընտրեց անձինք որոնք երբեք սխալ չեն գործած։ Եկեղեցին մեղաւորներու ժողովուրդ մըն է, որոնք կը փորձարկեն ողորմութիւնը եւ Աստուծոյ ներումը։ Պետրոս աւելիով մօտեցաւ ճշմարտութեան երբ աքաղաղը երգեց երեք անգամ, քան իր առատաձեռն արարքներու բերումով որոնք զինք ուրիշներէն աւելի արժէքաւոր նկատել կու տային։

Ամէնքս ալ աղքատ մեղաւորներ ենք, կարիքաւոր Աստուածային ողորմութեան­ որ ուժը ունի մեզ կերպարանափոխելու ու մեզի պարգեւելու ամէն օր նոր յոյս - ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին հաստատելով թէ  ''Այն մարդիկը որ այս հիմնական ճշմարտութիւնը հասկցան Աստուած անոնց կը պարգեւէ աշխարհի ամենագեղեցիկ առաքելութիւնը, այսինքն սէր եղբայրներու եւ քոյրերու նկատմամբ ու հռչակում Անոր բազում ողորմութեան, զոր Ան չի ժխտեր եւ ոչ մէկուն''։ Այս է ահա մեր յոյսը։ Յառաջ ընթանանք վստահելով ներումին ու Յիսուսին ողորմած սիրոյն վրայ ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը որմէ ետք զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցող  հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, խրախուսելով առաջինները օրինակ առնելու Սուրբ Լորէնցոյէն,  որուն ծիսական տօնը կը նշուի վաղը.  Քաջալերելով հիւանդները յարատեւ միացած մնալու տառապող Յիսուսին հետ ու հաւատքով կռելու խաչը` աշխարհիս փրկութեան համար, ապա նորապսակներուն մաղթեց որ իրենց ընտանեկան կեանքը կառուցեն Սիրոյ Աւետարանի հաւատարմութեան ամուր հիմքին վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.